Ինչպէ՞ս Կը Կատարուի Սրբացումը Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ 3

Եկեղեցին կամ եկեղեցւոյ իշխանութիւնը ի՞նպէս կու տար սրբացման ճանաչումը:
Քրիստոնէական առաջին դարերուն, բոլոր եկեղեցիներուն համար ալ ժողովուրդին կողմէ ընծայուած ինքնաբուխ յարգանքն ու բարեպաշտութիւնը միակ սկզբունքն էր՝ որով ճանաչում կը տրուէր սուրբի մը: Ժողովրդական այս ճանաչումն ու յարգանքը եկեղեցի կ’անցնէին միայն ա’յն պարագային՝ երբ եկեղեցական իշխանութիւնը իր կարգին համոզում գոյացնէր եւ ճանաչում տար այդ յարգանքին՝ զայն եկեղեցիէն ներս ընդունելով, սուրբին նահատակութեան օրը եկեղեցական օրացոյցին մէջ առնելով եւ յիշատակելով:

Եկեղեցական իշխանութիւն բացատրութեամբ կը հասկցուին երկու բաներ.- առաջին՝ շրջանի մը (նահանգ կամ գաւառ) եպիսկոպոսին, այլ խօսքով՝ տեղական իշխանութեան կողմէ եղած ճանաչումը, եւ երկրորդ՝ ամբողջ եկեղեցիի մը կեդրոնական իշխանութեան կողմէ ճանաչումը եւ ընդունումը նոյն սուրբին:

Առաջինը աւելի յաճախ եւ աւելի դիւրիւն կը կատարուէր՝ տեղական բարեպաշտութեան իբրեւ արդիւնք եւ պահանջ: Ոեւէ գաւառի, գիւղի կամ քաղաքի մէջ նահատակուած կամ սուրբ կենցաղով եւ յատուկ գործերով ու նշաններով երեւելի անձ՝ առաջին հերթին իր անմիջական շրջապատին ծանօթ պիտի ըլլար անշուշտ: Այդպիսիներու գերեզմանները կամ չարչարանքի գործիքները կամ անձնական իրերը շուտով ժողովրդական բարեպաշտութեան մէջ կը դառնան յարգանքի առարկայ: Բնական մղումով՝ մարդիկ կը դիմեն անոնց աղօթքին ու բարեխօսութեան, որովհետեւ անոնց մէջ կը տեսնեն այս կեանքի նեղութիւնները յաղթահարած հաւատքի կատարելատիպը եւ Աստուծոյ հաճութիւնն ու բարեկամութիւնը շահած հարազատ զաւակները: Այս համոզումը յաճախ հիմնուած կ’ըլլայ այն հրաշալի գործերուն ու նշաններուն վրայ, որոնք սուրբին կեանքը կը յատկանշեն՝ իբրեւ վկայութիւն Աստուծմէ անոնց վայելած բացառիկ շնորհքին: Յաճախ ալ այդ համոզումը ի’նք պատճառ կը դառնայ նորանոր հրաշքներու՝ երեւումներով, յայտնութիւններով ու բժշկութիւններով, որոնք անձին սրբութեան մասին աստուածային վկայութիւնը կը հանդիսանան:

Այս բոլորին ի տես, տուալ քաղաքին, գաւառին կամ նահանգին եպիսկոպոսը իր վճիռը կու տար՝ ճանաչում տալով անձին արժանիքներուն ու սրբութեան: Բայց տակաւին ասիկա չէր նշանակէր թէ տուալ սուրբը ճանաչում գտած է ամբողջ եկեղեցիէն: Շատ յաճախ որոշ սուրբի մը յարգանքը կը մնար միայն տուալ շրջանին յատուկ, տեղական հանգամանքով ու բնոյթով, եւ բնա’ւ ալ դուրս չէր գար տուալ գաւառէն կամ նահանգէն: Ասոր պատճառները կրնային մէկէ աւելի ըլլալ, բայց, այսուհանդերձ, անպայման կապ չունէին սուրբին մեծութեան կամ ոչ-մեծութեան, կարեւորութեան կամ ոչ-կարեւորութեան հետ:

Մեր եկեղեցական լեզուին մէջ կը գործածենք զոյգ բացատրութիւններ՝ նշելու համար սուրբերու դասակարգումները: Ունինք տօնելի սուրբեր եւ յիշատակելի սուրբեր: Առաջինները անոնք են, որոնք եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մէջ կը տօնուին: Երկրորդները՝ միայն կը յիշատակուին Ճառընտիրներու եւ Յայսմաւուրքներու մէջ, այսինքն՝ անոնց կեանքը կը կարդացուի օրը-օրին, բայց որոնք չեն տօնուիր: Կը կարծուի՝ որ սուրբերու այս երկրորդ խումբին մէջ կը մտնեն բոլոր անոնք, որոնք տեղական հանգամանքով ճանչցուած եւ հաւանաբ որոշ ժամանակի համար որոշ շրջաններու մէջ տօնելի եղած են, բայց որոնք եկեղեցւոյ ամբողջութեան սեփականութիւնը եղած չըլլալուն համար դուրս մնացած են մեր Տօնացոյցերէն եւ ուստի՝ տօնելիներու ցանկէն:

Իսկ ի՞նչպէս կատարուած է ճանաչումը տօնելի սուրբերուն: Անոնց պարագային եկեղեցւոյ մը կեդրոնական իշխանութիւնը ի՞նչ ձեւով ճանչցած է զանոնք, այլ խօսքով՝ ի՞նչպէս սրբադասուած են:
Այս մասին պիտի անդրադառնանք յաջորդին:

Փառք Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: