Երանութիւններու Մասին 2

Պայմաններէն չորորդը կ’ըսէ.- «Երանի՜ անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան»:
Երբ կ’ըսուի՝ «Երանի՜ անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին», ըսել կ’ուզուի՝ երանի՜ անոնց, որոնք Աստուծոյ փրկութեան, Անոր ծրագրին իրագործումը կը սպասեն, եւ իրենց անձով կը կապուին Յիսուսի՝ Անոր մէջ տեսնելով այդ արդարութեան քաղցին ու ծարաւին յագեցումը: Այստեղ պէտք է աւելցնել, որ Յիսուսի մէջ արդարութեան քաղցին ու ծարաւին յագեցումը գտնելը մասնակի պիտի ըլլայ այս երկինքին ներքեւ եւ այս երկրի վրայ, բայց անոր կատարումը պիտի գայ՝ երբ Նոր Երկինքն ու Նոր Երկիրը հաստատուին:

Պայմաններէն հինգերորդը կ’ըսէ.- «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն»:
Աստուածաշունչին մէջ բուն ողորմածը Աստուած Ինքն է: Հետեւաբար, այն մարդը որ Աստուծոյ նման ըլլալ կ’ուզէ, պէտք է ողորմած ըլլայ Անոր պէս: Մատթէոս Աւետարանիչ իր 5-րդ գլխու վերջաւորութեան հրաւիրած է զինք լսողները կատարեալ սէր ունենալու եւ ըսած.- «Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ Ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ’ չարերուն եւ թէ’ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ’ արդարներուն եւ թէ’ մեղաւորներուն վրայ»:

Կատարեալ սիրոյ հրաւէրը կարելի է հասկնալ նաեւ որպէս հրաւէր կատարեալ ողորմածութեան: Երանելի են անոնք, որոնք Աստուծոյ պէս ողորմած են, այսինքն՝ մարդոց միջեւ խտրութիւն չեն դներ եւ իրենց օգնութեան ձեռքը կ’երկարեն բոլորին: Անոնց համար է, որ Յիսուս կ’ըսէ թէ ողորմութիւն պիտի գտնեն, եւ այդ ողորմութիւնը պիտի գայ ո’չ թէ մարդոցմէ, այլ՝ Աստուծմէ:

Պայմաններէն վեցերորդը կ’ըսէ.- «Երանի՜ անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն»:
Մեր կեանքի թէ’ դրական եւ ուրախ, թէ’ ժխտական եւ տխուր փորձառութիւններուն համար երբ գոհութիւն կը յայտնենք, մենք մեզ Աստուծոյ նախախնամութեան յանձնած կ’ըլլանք եւ Անոր հանդէպ միշտ երախտագէտ սիրտ կ’ունենանք:

Մարդ արարածը ո’չ միայն աղերսներով, խնդրանքներով եւ աղաչանքներով Աստուծոյ պէտք է աղօթէ, այլ նաեւ Անոր տուած բոլոր բարիքներուն եւ իր ապրած բոլոր փորձառութիւններուն համար գոհութիւն պէտք է յայտնէ Աստուծոյ: Աղօթողը պէտք է գիտնայ մի’շտ փառաւորել զԱստուած: Ոչ թէ որովհետեւ Աստուած փառաւորուելու կարիքը ունի կամ փառաւորուիլ կը սպասէ, այլ անոր համար որ արարչութեան բարիքները վայելող եւ կեանքի փորձառութիւններէն անցնող սիրող սիրտը, երախտագէտ սիրտը այլ ճամբայ չի կրնար ունենալ:

Պայմաններէն եօթերորդը կ’ըսէ.- «Երանի՜ անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատման համար կ’աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»:
Յիսուսի ակնարկած խաղաղութիւնը հոգեւոր է, անիկա սովորական կամ աշխարհի քաղաքական խաղաղութեան չի վերաբերիր: Ան Իր առաքեալներուն ըսաւ.- «Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի Ինձմով խաղաղութիւն ունենաք: Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ’ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33): Յիսուսի խոստացած խաղաղութիւնը Ի’ր խաղաղութիւնն է եւ ո’չ թէ աշխարհի: Յստակ է մեզի, որ Յիսուս երկրաւոր իր կեանքն ապրեցաւ, որ խաղաղութեան հաստատումին համար էր: Նոյնիսկ երբ զԻնք նախատեցին, անարգեցին, հալածեցին՝ որեւէ կերպով չհակադարձեց:

Ան իր աշակերտներուն պատուիրած էր՝ ըսելով.- «Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձո’ւր անոր» (Մտ 5.39): Ան ըսել կ’ուզէր՝ չարիքին՝ չարիքով մի պատասխաներ: Եւ Ինք՝ չարիքին չարիքով չպատասխանեց: Արդ, խաղաղութեան հաստատումին համար աշխատողը ան է, որ Յիսուսի օրինակով՝ չարիքի ճամբուն մէջ չի մտներ, այլ՝ կը քալէ խաղաղութեան հաստատումին ճամբուն մէջ:

Պայմաններէն ութերորդը կ’ըսէ.- «Երանի՜ անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար, որովհետեւ անոնց է երկինքի Արքայութիւնը»:
Այս երանիով Յիսուս Իր բոլոր հետեւորդներուն կը յայտնէ, թէ անխուսափելիօրէն պիտի հալածուին: Ան Իր առաքելութեան սկիզբէն իսկ ուզեց, որ Իրեն եկողները սխալ տպաւորութեամբ եւ անիրական յոյսերով չհետեւին Իրեն, այլ՝ յայտնապէս ըսաւ, որ Իրեն հետեւիլը դիւրիւն չէ: Իրեն հետեւելու համար մէկը պիտի մտնէ նեղ դռնէն եւ քալէ նեղ ճամբուն մէջ, որ այնքան դժուարին է: Բայց այդ դուռն է, որ դէպի կեանք կը տանի. եւ քիչերն են միայն, որ կը գտնեն զայն (Մտ 7.14):

Եւ վերջապէս Յիսուս կ’ըսէ իր աշակերտներուն.- «Երանի՜ ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն, կամ ստելով՝ ձեր մասին ամէն տեսակի զրպարտութիւն ընեն իմ հետեւորդներս ըլլալնուդ համար: Ցնծացէք եւ ուրախացէ’ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքի մէջ: Յիշեցէք որ նոյն ձեւով հալածանքի ենթարկուեցան ձեզմէ առաջ ապրող մարգարէներն ալ» (Մտ 5. 11-12):

Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: