Ես եմ իրաւ Հովիւը

Յովհաննու Աւետարանին մէջ Տէրը կ’ըսէ.- «Ես եմ իրաւ Հովիւը» (Յհ 10.211: Իրաւ հովիւը մէկիկ-մէկիկ կը ճանչնայ իր ոչխարները իրենց անուններով: Քրիստոս իրա՛ւ հովիւ է, որովհետեւ մեզ կը ճանչնայ մեր տկարութիւններով, խեղճութիւններով, թերութիւններով եւ առաւելութիւններով: Իրա՛ւ հովիւ է,  որովհետեւ գիտէ թէ ի՛նչ բաներու կարիքը ունինք, ի՛նչ բաներէ կը վախնանք, ի՛նչ բաներ կը փափաքինք, ի՛նչ բաներ մեզ կը մտահոգեն ու կը տագնապեցնեն, ի՛նչ բաներէ պէտք է ազատինք կամ կ’ուզենք ազատիլ:

   Քրիստոս ի՛նքն է մեր իսկական հովիւը, որովհետեւ մեզ կը ճանչնայ մեր իսկութեան, բնութեան եւ ինքնութեան մէջ: Ան գիտէ որ մեր ինքնութիւնը երկնային ծագում ունի: Քանի որ մեզ կը ճանչնայ՝ ուրեմն կրնայ մեզ հասկնալ, եւ քանի որ մեզ կը հասկնայ՝ ուրեմն կրնայ մեզ բուժել: Ինչպէս հիւանդին հիւանդութիւնը ճանչցող բժիշկը միայն կրնայ զանիկա բուժել, այնպէս ալ մեր հոգիներուն ցաւը ճանչցող Տէր Յիսուսը միայն կրնայ հոգեկան անդորրութիւն եւ հանգիստ պարգեւել մեզի: 

   Ան իրա՛ւ հովիւ է, որովհետեւ թոյլ չի տար որ կարօտութեան մէջ իյնանք: Սաղմոսներու գիրգին մէջ ըսուած է.- «Տէրը իմ հովիւս է, ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ» (Սղ 23.1): Խօսքը հարկաւ նիւթական կարօտութեան մասին չէ, այլ՝ հոգեւոր: Քրիստոս կը կշտացնէ իր ոչխարներուն հոգիները, կը յագեցնէ անոնց սիրտերուն ծարաւը: Ան զանոնք կ’առաջնորդէ դէպի խոտաւէտ արօտավայրեր, դէպի հանդարտ ու զուլալ ջուրեր (Սղ 23.2):

   Այո՛, ան մեզ կ’առաջնորդէ դէպի խոտաւէտ արօտավայրեր եւ ո’չ թէ խոտազուրկ արօտավայրեր, հանդարտ ջուրերու քով եւ ո’չ թէ մրրկայոյզ ջուրերու քով: «Խոտաւէտ արօտավայրերը» կը ներկայացնեն աստուածատուր այն օրհնութիւնները, պարգեւներն ու շնորհքները, որոնցմով Աստուած կը զարդարէ իր հետեւորդներուն հոգիները: Իսկ «հանդարտ ջուրերը» կրնան պատկերացնել երկու բան. առաջին՝ այն ներքին խաղաղութիւնը որ Յիսուս կը շնրորհէ իր հետեւորդներուն մնայուն կերպով, բայց մանաւանդ երբ փորձանքի հանդիպին, իսկ երկրորդ՝ ուշագրաւ իրողութիւն է որ ոչխարները կը վախնան ուժգնութեամբ հոսող ջուրին մօտենալ եւ խմել անկէ: Ահա թէ ինչո’ւ Հովիւը կը ջանայ «հանդարտ ջուրերու քով» առաջնորդել զանոնք:

   ինչպէս հովիւ մը չի ծիծաղիր իր ոչխարին վրայ ու չ’այպաներ զայն իր վախկոտութեան համար, այնպէս ալ Քրիստոս, նկատի կ’առնէ մեր տկարութիւնները եւ երբեք չ’ստիպեր որ դիմակալենք փորձութիւններ որոնք մեր կարողութենէն վեր են: Ան երբեք մեզ չ’առաջնորդեր խռովայոյզ ջուրերու քով, այսինքն հոն՝ ուր ահ ու սարսափ առթող երեւոյթներ կան: Քրիստոս մեզ «հանդարտ ջուրերու քով» կը տանի, այսինքն՝ մեր կարողութեան համեմատ կը վերաբերի մեր հետ:

   Երբ նեղութեան մէջ իյնանք մարդիկ կը լքեն մեզ, բայց Քրիստոս իրա՛ւ հովիւ է, որովհետեւ եթէ «մահուան շուքի ձորին մէջ» անգամ իյնանք’ տէր կը կանգնի մեզի եւ կը պաշտպանէ իր «ցուպով» ու «գաւազանով» (Սղ 23.4): Ցուպն ու գաւազանը խորհրդանիշ նկատուած են երեք բաներու. առաջին՝ կը խորհրդանշեն այն պաշտպանութիւնը որ Քրիստոս կը շնորհէ մեզի երբ աղէտներու հանդիպինք: Ինչպէս հովիւներ միշտ իրենց հետ կ’ունենան գաւազաններ, իրենք զիրենք եւ ոչխարները պաշտպանելու համար յարձակող գազաններու դիմաց, այնպէս ալ Քրիստոս մեզ կը պաշտպանէ սատանայական ամէն տեսակի յարձակումներուն դիմաց: Երկրորդ՝ ուրիշներ ցուպ ու գաւազան բառերուն ետին, կ’ուզեն տեսնել Աստուծոյ կողմէ մեզի պարգեւուած չարին գլուխը ջախջախելու իշխանութիւնն ու զօրութիւնը: Երրորդ՝ ցուպն ու գաւազանը նաեւ նշանակ նկատուած են աստուածային առաջնորդութեան: Աստուած գիտէ որ մարդ արարածը կեանքի այս քաոսին մէջ պէտք ունի իր առաջնորդութեան, ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոս կը հաստատէ թէ ինք անձամբ մեզ կ’առաջնորդէ (Յհ 10.4): Եւ պատահական տեղեր չէ որ կ’առաջնորդէ, այլ «արդարութեան ճամբաներուն մէջ» (Սղ 23.3): Ան սխալ ճամբաներէ եւ դէպի սխալ ճամբաներ չ’առաջնորդեր, այլ դէպի արդարացում, յաղթանակ, աստուածպաշտութիւն եւ սրբութիւն: 

   Շատ մը կենդանիներ եթէ կորսնցնեն իրենց տէրը՝ կրնան տուն վերադառնալ: Նոյնը չէ պարագան ոչխարին: Ոչխարը եթէ կորսնցնէ իր հովիւը եւ չլսէ անոր ձայնը, անկարելի է որ կարենայ տուն դառնալ: Սա ցոյց կու տայ որ եթէ Քրիստոս մոլորած ոչխարներս չփնտրէ, չգտնէ ու դէպի տուն չդարձնէ՝ մենք չենք կրնար մեր սեփական ճարտարութեամբ ու միջոցներով դառնալ Աստուծոյ: Ղուկասու Աւետարանին մէջ ըսուած է.- «Ջե՞րթար կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն» (Ղկ 15.4): Այո՛, Քրիստոս կ’երթայ ամէն մէկ կորսուած մարդու ետեւէն եւ չի դադրիր զայն փնտռելէ մինչեւ որ գտնէ զայն: 

   Քրիստոս իրա՛ւ հովիւ է, որովհետեւ ինչ որ ըսաւ, տուաւ ու պիտի տայ՝ իրաւ է: Յովհաննու Աւետարանին մէջ ըսուած է.- «Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար» (Յհ 10.11): Մարդիկ իրենք զիրենք կը զոհէին իրենց չաստուածներուն համար, մինչ մեր Աստուածը՝ Քրիստոս ինքզինք զոհեց մեզի համար: Քրիստոս իր սեփական արիւնով ձեռք ձգեց հովուապետական իր պաշտօնը (Եբր 13.21): Ան եղաւ այն իրա՛ւ հովիւը, հովիւը այն բոլոր հովիւներուն, որ ո’չ միայն իր կեանքը զոհեց ոչխարներուս համար, այլ՝ ինքզինք դարձուց մեր կեանքը:

   Երբ նման փառաւոր ու մեծ Աստուած մը ունինք Տէր Յիսուսի նման, ինչո՞ւ կը տնտնանք եւ ի՞նչ կը սպասենք, մեր հոգիները անոր ձեռքը յանձնելու համար, որպէսզի հովիւի պէս արածէ մեզ եւ առաջնորդէ կեանքի կենսատու ջուրին եւ Աստուած մեր աչքերէն ամէն արցունք սրբէ (Յյտ 7.17):             

  Յաջորդին պիտի անդրադառնանք «Ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը» նիւթի մասին:

  Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան:   Ամէն: