Բէթղեհէմը հրաւէր՝ դառնալու Քրիստոսին

 

Այսօրուայ խորհրդածութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին ՝ խօսուած Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ:

 

   Աստուածաշունչին համաձայն, Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, որովհետեւ անհնազանդ գտնուեցան Աստուծոյ պատուէրին, դաւաճանեցին իրենց կոչումին, եղծեցին իրենց աստուածային պատկերը եւ աքսորուեցան դրախտէն: Մարդուն դրախտէն արտաքսումը, որոշ իմաստով, պայմանաւորեց աստուածային յայտնութեան շեշտաւորումը եւ ուղղութիւնը: Այլ խօսքով, հակառակ մարդու մեղանչումին, Աստուած չհեռացաւ մարդէն: Աստուծոյ յայտնութեան աղբիւրը, Աստուածաշունչը կը պարզէ, թէ զանազան դէպքերու ու անձերու ճամբով Աստուած յիշեցուց մարդուն իւրայատուկ կոչումը եւ կոչ ուղղեց վերադառնալու իր Արարիչին՝ վերականգնելով իր Աստուածատուր շնորհներն ու արժանիքները: Սակայն, մարդը մնաց խրած մեղքի տիղմին մէջ: 

 

   Աստուած, յաւիտենական սիրոյ աղբիւրը, չէր կրնար լքել իր մեղքին գերին դարձած մարդը: Ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ, Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի մեղաւոր մարդը վերադարձնէ իր երկնաւոր Հօր (Յվ 3.16):

 

   Քրիստոս՝ երկրորդ Ադամը (Ա.Կր 15.45) մարդացաւ, որպէսզի ազատագրէ մարդը՝ առաջին Ադամի գործած մեղքին տիրապետութենէն ու վարականգնէ զայն Աստուծոյ պատկերին համաձայն: 

   Քրիստոս ըսաւ՝ Ե՛ս եմ կեանքը, որպէսզի մարդը ապրի Քրիստոսի արիւնով մաքրագործուած կեանք մը: 

   Քրիստոս ըսաւ՝ ե՛ս եմ ճշմարտութիւնը, որպէսզի մարդը կարենայ իր կեանքին դիմաց Քրիստոսը նկատել իրա’ւ ճշմարտութիւնը:  

   Քրիստոս ըսա՛ւ ե՛ս եմ ճամբան, որպէսզի մարդը կարենայ աշխարհի ճամբաներուն մէջէն ընտրել Քրիստոս-ճամբան:

 

   Քրիստոս Աստուծոյ էջքն է մարդուն, որպէսզի կարենայ մարդը բարձրացնել առ Աստուած: Քրիստոս Աստուծոյ մօտեցումն է մարդուն, որպէսզի կարենայ մարդը մօտեցնել Աստուծոյ: Քրիստոսի ծնունդով Աստուած մարդուն հետ եղաւ մարդուն փրկութեան համար: Աւետարանը Քրիստոսը կը բնութագրէ որպէս Էմմանուէլ, որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ» (Մտ 1.23): Քրիստոսի մարդեղացումով մարդը վերամարդացաւ իր աստուածաստեղզ էութեամբ ու կոչումով: Ինչպէս Պօղոս Առաքեալը կ’ըսէ, առաջին Ադամով մահ եկաւ աշխարհ, իսկ երկրորդ Ադամով՝ կեանք (Հռ 5.18): Քրիստոսի խաչով մահը նուաճուեցաւ: Քրիստոսի յարութեամբ խորտակուեցաւ մարդուն թագաւորութիւնը ու հաստատուեցաւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Աստուծոյ Որդւոյն Ծնունդը, ծնունդն է նոր մարդուն:

 

   Արդ, Բեթղեհէմը հրաւէր է ուղղուած մարդուն, հեռանալու առաջին Ադամէն ու դառնալու երկրորդ Ադամին՝ Քրիստոսին: Իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին, Քրիստոս աշակերտներուն ըսաւ՝ «միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մտ 28.20):

 

   Քրիստոս միշտ մեզի հետ է, արդեօք մենք Քրիստոսին հե՞տ ենք…: Մտածենք այս մասին: Յաճախ մեր առօրեայ զբաղումներն ու մտահոգութիւնները, մեր հաճոյքն ու հանգիստը առիթ չեն տար, որ Քրիստոսի հետ ըլլանք: Մեր կեանքը տիրապետուած է այնպիսի կենցաղակերպերով ու գործելակերպերով եւ այնպիսի երեւոյթներով ու առաջնահերթութիւններով, որոնք յաճախ մեզ հեռու կը պահեն Քրիստոսէ: Մեր մեղաւոր անձերու փրկութեան համար աշխարհ եկած Քրիստոս կը մօտենայ մեզի, եթէ մենք պատրաստ ըլլանք մօտենալու իրեն. կը խօսի մեզի հետ, եթէ մենք պատրաստ ըլլանք լսելու զինք. ցոյց կու տայ մեզի կեանքի ճշմարիտ ճամբան, եթէ մենք պատրաստ ըլլանք քալելու այդ ճամբէն:

 

   Բեթղեհէմը հրաւէր է վերանորոգ հաւատքով դառնալու Քրիստոսի: Այլ խօսքով, խաւարէն՝ լոյսի, չարէն՝ բարիի, մահէն՝ կեանքի:

   Քրիստոսի դառնալ կ’ենթադրէ խոստովանիլ մեր մեղքերը ու ապաշխարել:

   Քրիստոսի դառնալ կը նշանակէ Քրիստոսը դաւանիլ մեր միակ ապաւէնն ու փրկիչը, մեր կեանքին իմաստն ու նպատակը:

   Քրիստոսի դառնալ կը նշանակէ սիրել մեր նմանը եւ հոգածու ըլլալ հիւանդին ու կարիքաւորին:

 

   Արդարեւ, Քրիստոսի դառնալով պիտի անդրադառնանք, որ առանց Քրիստոսի պայծառակերպիչ ներկայութեան՝ դատարկ է ու անիմաստ մեր ապրած կեանքը, մեր կերտած փառքն ու մեր դիզած հարստութիւնը: Քրիստոսի դառնալով պիտի անդրադառնանք, թէ ինչ կը նշանակէ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած մարդ ըլլալ՝ աստուածատուր շնորհներով ու պարտաւորութիւններով:

   Քրիստոսի դառնալով պիտի մաքրուին մեր սրտերը, պիտի բերկրին մեր հոգիները ու պիտի լուսաւորուի մեր կեանքի ճամբան: 

   Առանց Քրիստոսի վերանորոգ ներկայութեան անզօր է մարդը:

   Դառնա՛նք Քրիստոսին մեր ցաւին ու ուրախութեան մէջ:    

   Դառնա՛նք Քրիստոսին մեր կեանքը շրջապատող անորոշութեան, տագնապներուն ու յուսահատութեան մէջ:  

   Դառնա՛նք Քրիստոսին այն հաստատ հաւատքով, որ մեղաւոր, հիւանդ, տագնապահար, լքուած ու անտէր մարդուն հետ ըլլալու համար աշխարհ եկած Քրիստոս մեզի կը սպասէ՝ մեզի հետ ըլլալու ու մեր կեանքին առաջնորդը, ապաւէնը ու փրկիչը դառնալու:

    

   Փառք Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: