«Բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի»:
Կը շարունակենք «Ես եմ ճամբան, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» խորհրդածութիւններու շարքը:
Մատթէոսի աւետարանին մէջ Տէրը կ’ըսէ.- «Բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի»: (Մտ 25.36): Ի՞նչ են այն բանտերը որոնց մէջ անհամար թիւով մարդիկ կ’ապրին: Նիւթը կարելի է բաժնել երեք մասերու.-
- Մեղքի բանտը: Ան որ Քրիստոսով չէ ազատագրուած իր մեղքերուն կապանքներէն՝ բանտարկեալ մըն է: Սողոմոն Իմաստուն Առակաց Գիրքին մէջ կ’ըսէ.- «Ամբարիշտին անօրէնութիւնները զինք պիտի բռնեն. իր մեղքի պարաններով պիտի կապուի: Ան խրատի պակասէն պիտի մեռնի, իր մեծ յիմարութեամբ պիտի մոլորի» (Առ 5.22-23): Դարձի չեկած մարդը՝ կապուած մարդ է: Քրիստոս ի’նքն է արձակիչն ու ազատարարը մարդկային ցեղին, ինչպէս ըսուած է Յովհաննու Աւետարանին մէջ.- «Եթէ Որդին ձեզ ազատէ, այն ատեն իրապէս ազատ պիտի ըլլաք» (Յհ 8.36): Բանտարկեալներուն այցելելը հետեւաբար, երթալ եւ գտնելն է բոլոր այն մարդիկը՝ որոնք կ’ապրին մեղքի կեանք մը եւ զանոնք Քրիստոսի խաչին առաջնորդել:
- Յուսահատութեան բանտը: Ամէնագէշ բանը որուն մարդը կրնայ հանդիպիլ յուսահատութեան բանտն է: Իր յոյսը կորսնցուցած մարդը՝ կը կորսնցնէ նաեւ իր աշխատելու եռանդը, պայքարելու ոգին, յառաջանալու փափաքը, լաւ ապագայի մը հասնելու տեսիլքը, բան մը իրագործելու երազը: Յուսահատութեամբ լեցուած մարդը՝ նեղութեանց դիմաց ընկրկող, ընկճուող, նահանջող եւ պարտուող մարդն է:
Այս բոլորին մէջ ամենավատը այն է, որ յուսահատ մարդը կը կորսնցնէ նաեւ վերականգնելու եւ Աստուծոյ դառնալու ամէն իղձ եւ տրամադրութիւն, ինչպէս եղաւ պարագան Յուդայի եւ Երուսաղէմի բնակիչներուն, երբ Երեմիայի Մարգարէութեան մէջ Տէրը կ’ըսէ.- « Ուստի հիմա խօսէ՛ Յուդայի մարդոց ու Երուսաղէմի բնակիչներուն, եւ ըսէ՛. Տէրը սա կը յայտարարէ. ՝՝Ահա՛ ես ձեզի համար չարիք կը ծրագրեմ, ու ձեզի դէմ ծրագիր մը կը պատրաստեմ՝՝: Հիմա ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր չար ճամբայէն թող դարձի գայ, եւ ձեր ընթացքն ու արարքները բարեփոխեցէ՛ք: Բայց անոնք կ’ըսեն. ՝՝Յոյս չկայ, որովհետեւ մենք մեր մտածումներուն պիտի հետեւինք, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր չար սիրտին կամակորութեամբ պիտի վարուի՝՝» (Եր 18.11-12):
Աստուածատուր մեր կոչումն է այցելել յուսահատութեան բանտը ինկած մարդիկը եւ յոյսով գօտեպնդել զանոնք եւ յիշեցնել անոնց որ «յոյսը երբէք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5):
3- Մահուան բանտը: Մահէն վախցող մարդիկը կարելի է բաժնել երկու խումբի.- առաջին՝ մահէն կը վախնան անոնք՝ որոնք Քրիստոսի արիւնով իրենց մեղքերուն համար թողութիւն չեն գտած եւ երկրորդ՝ անոնք՝ որոնք չունին մահուան ճշգրիտ իմացութիւնը: ԶԱստուած եւ մահը չճանցողը բնականօրէն կը վախնայ անոնցմէ: Անորոշ եւ մթին բաները միշտ կը մտահոգեն մարդ արարածը:
Պօղոս առաքեալ Հռոմայեցիներուն յղած իր նամակին մէջ կ’ըսէ.- «Որովհետեւ, ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութեամբ բոլորը մեղաւոր եղան, այնպէս ալ մէկ հոգիի հնազանդութեամբ՝ բոլորը պիտի արդարանան» (Հռ 5.19): Հետեւաբար, Քրիստոսով Աստուծոյ հետ հաշտուածներուս պաշտօնն է՝ «որ այս հաշտութիւնը պատգամենք բոլոր մարդոց» եւ յիշեցնենք անոնց, որ հաւատացեալ մարդը պէտք չունի վախնալու մահէն, որովհետեւ երբ ան իր աչքերը փակէ երկրի վրայ՝ ինքզինք իսկոյն կը գտնէ Քրիստոսի ներկայութեան մէջ, յաւիտենապէս ապահով: Այս իմաստով, բանտին մէջ եղողներուն այցելել, կը նշանակէ օգնութեան ձեռք երկարել մեր բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն եւ ազատագրել զանոնք մեղքի ու մահուան բանտէն, վախի եւ կասկածամտութեան բանտէն, յաւիտենական դատապարտութեան եւ կորստեան բանտէն:
Անհաշիւ է թիւը իրական բանտարկեալներուն եւ հոգեւոր իմաստով բանտարկեալներուն: Իբրեւ Ազատարարին զաւակը, ձեր կոչումն է ճշմարիտ ազատութեան փողը հնչեցնող զինուոր մը ըլլալ: Մարդիկ պէ’տք ունին նման Քրիստոսաւէտ զինուորներու:
Յաջորդին պիտի անդրադառնանք «Աստուած իր ծրագիրը կը փոխէ եթէ մենք մեր ընթացքը չփոխենք» նիւթի մասին:
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Ս. Հոգիին, յաւիտեանէ մինջեւ յաւիտեան: Ամէն:
