ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ

2 0 2 5

 

Պ Ա Տ Գ Ա Մ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա.

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
Հոգեւոր Դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց, եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն

2025 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրական սիրով, հայրապետական օրհնութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’ողջունենք յատկապէս մեր Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանները, Ազգային իշխանութիւնները, հայ կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւնները ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ համայնքային, կրթական, բարեսիրական, մշակութային, ընկերային ու մարզական կառոյցները, եւ բոլորին կը մաղթենք նորանոր իրագործումներով հարուստ տարի մը։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր Որդւոյն մարդեղութեամբ ու յայտնութեամբ բացուող Նոր Տարին մեր ժողովուրդին համար դառնայ երկնային բարիքներով ու շնորհքներով լեցուն տարի մը։

2003-էն սկսեալ իւրաքանչիւր տարի հայ կեանքին առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան կամ դէպքի մը նուիրելու եւ զայն լուսարձակի տակ բերելու Մեր սկսած
աւանդութիւնը շարունակելով, ինչպէս գիտէք, վերջին երեք տարիները յատկացուցինք Սփիւռքին: Շեշտեցինք Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման անյե-
տաձգելի հրամայականը: Յատուկ կերպով անդրադարձանք ինքնութեան, կառոյցներու վերանորոգման, մարդուժի պատրաստութեան, համազգային արժէքներու ու իտէալ-
ներու շուրջ համախմբման, քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան վերաշեշտաւորման, երիտասարդութիւնը գործի մղելու անհրաժեշտութեան, ճարտարագիտութեան ճիշդ օգտագործման, կրթական կեանքի վերակազմակերպման, հայ ընտանիքի վերականգնման, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան նոր որակ տալու
կարեւորութեան, եւ այլ համասփիւռքեան եւ համահայկական այժմէական խնդիրներու: Սփիւռքի վերակազմակերպման էջը չէ փակուած, պէտք չէ փակուի: Սփիւռքի
վերակազմակերպման նպատակասլաց գործընթացքը վերանորոգ թափով պէտք է շարունակուի իւրաքանչիւր գաղութէ ներս, բնականաբար՝ տարբեր մեթոտներով,
առաջնահերթութիւններով ու շեշտաւորումով:
Սփիւռքի վերակազմակերպումն ու հզօրացումը հետապնդելու աշխատանքներու ծիրէն ներս, լեզուի ու մշակոյթի կողքին, հայու ինքնութիւնը ամուր պահելու մեր ճիգին
մէջ, մեծապէս էական կը նկատենք մեր կրօնական ու ազգային աւանդութիւններու վերանորոգման ու վերակենսաւորման հրամայականը:

Արդ, մեկնելով այս հաստատ համոզումէն, 2025 տարին կը հռչակենք

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐՄԱՆ ՏԱՐԻ

Ի՞նչ կը հասկնանք աւանդութիւն ըսելով: Ընդհանուր սահմանումով, աւանդութիւնը տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ որեւէ կազմակերպութեան առնչուած հաւատալիքներու, արժէքներու, իտէալներու, նպատակներու, տեսլականներու, կենցաղակերպերու, մտածողութիւններու, գործելակերպերու ու սովորութիւններու ամբողջութիւնն է, ինչպէս նաեւ՝ անոնց փոխանցումը սերունդէ սերունդ: Աւանդութիւնը սերտօրէն կապուած ըլլալով տուեալ ազգի մը, կրօնի մը կամ կազմակերպութեան կեանքին ու պատմութեան հոլովոյթին հետ, վըճռական դեր ունի անոր ինքնութեան երաշխաւորման, ամբողջականութեան պաշտպանման, գոյութեան ամրացման ու շարունակականութեան պահպանման մէջ: Հետեւաբար, ազգեր ու կրօններ միշտ նախանձախնդիր եղած են իրենց աւանդութիւններու անվթար պահպանման նկատմամբ, որովհետեւ զանոնք նկատած են էական՝ ինքնաճանաչման ու ինքնահաստատման, ինքնագոյութեան ու ինքնարտայայտութեան ամրապնդման ու զարգացման համար:

 

ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ
Երբ ընդհանուր ակնարկ մը նետենք քրիստոնէական կեանքին ու հաւատքին հիմքը կազմող Աստուածաշունչին վրայ, Հին թէ Նոր կտակարաններուն մէջ յաճախակի
ակնարկութիւններու կը հանդիպինք աւանդութեան կարեւորութեան մասին: Այս ուղղութեամբ ուշագրաւ են հետեւեալ երկու կէտերը.– ա) մարգարէներուն եւ առաքեալ-
ներուն կողմէ ժողովուրդին ուղղուած զգուշացում, թէ պէտք չէ Աստուծոյ պատուիրաններէն հեռանալ, եւ մարդկային սովորութիւններուն կառչիլ (Մր 7.13, 1.3): բ)
թելադրութիւն՝ կառչած մնալու աւանդութիւններուն եւ ըլլալու հաւատարիմ այն աւանդութիւններուն, որոնք մարգարէներուն ու առաքեալներուն կողմէ փոխանցուած են
ժողովուրդին (Բ.Թես 2.14):
Ինչպէս բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, նաեւ մեր ժողովուրդի պարագային, աւանդութիւններուն արմատները պէտք է առնչուած ըլլան Աստուածաշունչին, քրիստոնէական կեանքին, վկայութեան, առաքելութեան ու պատմութեան, եւ այն բոլոր ուսուցումներուն, արժէքներուն ու սկզբունքներուն, որոնք կը կազմեն քրիստոնէական հաւատքի էութիւնն ու ինքնութիւնը: Արդարեւ, որեւէ եկեղեցիէ ու քրիստոնեայ ժողովուրդէ աւելի, մեր ազգի ու եկեղեցւոյ պարագային այս իրողութիւնը այնքա՜ն զօրեղ կերպով շեշտուած է: Մենք ո՛չ միայն առաջին ժողովուրդը եղած ենք քրիստոնէութիւնը ընդունող, այլ նաեւ քրիստոնէութիւնը հայ կեանքէն ներս մուտք գործելով հայացած է ու հայ կեանքը քրիստոնէացած: Քրիստոնէութեան ու հայութեան այս ամուր շաղախումը
մեր ժողովուրդը մղած է քրիստոնէական նկարագիր տալու հին հեթանոսական աւանդութիւններուն, եւ երբեմն նոյնիսկ՝ զանոնք հեռացնելու հայ կեանքէն եւ նորը հաստատելու: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետէն սկսեալ մինչեւ այսօր մեր աւանդութիւնները, ըլլան անոնք կրօնական, մշակութային, ազգային թէ ընկերային թրծուած են աստուածաշնչական ուսուցումներով ու արժէքներով:

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Աստուծոյ Միածին Որդին իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին, աշակերտներուն թելադրեց երթալ աշխարհի չորս ծագերը եւ քարոզել իր ուսուցումները: Քրիստոս
եկեղեցի չհիմնեց, այլ առաքելութիւն մը յանձնեց իր աշակերտներուն: Քրիստոսի փոխանցած առաքելութիւնը իրագործելու ընթացքին հին աշխարհի զանազան
շրջաններէն ներս յառաջացան կրօնական համախմբումներ ու համայնքներ: Անոնք հետզհետէ սկսան կազմաւորուիլ՝ հաւաքներ կազմակերպելով, հաւաքական պաշտամունքներ կատարելով, պատասխանատուներ նշանակելով, յարաբերութիւններ մշակելով: Այդ շրջանին տակաւին գոյութիւն չունէին Աստուածաշունչ, ծէս կամ նուիրապետութիւն: Եկեղեցին կազմաւորուեցաւ կենդանի Աւանդութեան մը շուրջ, որուն մաս կը կազմէին այն բոլոր վկայութիւնները եւ ուսուցումները, որոնք փոխանցուած էին Քրիստոսէն՝ իր առաքեալներուն ու աշակերտներուն ճամբով:

Արդ, Աւանդութենէն ծնաւ Աստուածաշունչին կազմաւորումը առաջին դարու աւարտէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ՝ դաւանական ու ծիսական շարք մը աւանդութիւններ:
Եկեղեցին յստակ տարբերութիւն մը դնէ Աւանդութեան ու աւանդութիւններուն միջեւ: Աւանդութեան պարագային, եկեղեցին զայն կը նկատէ էական ու անփոփոխելի, որովհետեւ անոր մաս կը կազմեն Աստուածաշունչը, դաւանական ու աստուածաբանական հիմնական սկզբունքներ, Հայրապետական կոնդակներ, հոգեւոր ու բարոյական ուսուցումներ՝ այլ խօսքով, եկեղեցւոյ հիմքը կազմող տարրեր: Աւանդութիւններու պարագային, անոնք ժամանակի ընթացքին եկեղեցիներու կողմէ հաստատուած են, ընդհանրապէս տեղական նկարագիր ունին եւ կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ: Այս տիպի աւանդութիւնները եւս կարեւոր են, պայմանով սակայն, որ անոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով աղերս ունենան քրիստոնէական կրօնի հիմնական ճշմարտութիւններուն, ուսուցումներուն ու հաւատալիքներուն հետ:

ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, ՄՇԱԿՈՅԹ, ԾԷՍ ՈՒ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
Աւանդութիւնները անմիջականօրէն աղերս ունի մարդկային կեանքի հոլովոյթին եւ միջավայրին հետ, եւ հետեւաբար, միշտ ենթակայ են շրջապատի ազդեցութեան, փոփոխութեան, վերանորոգման, ու նոյնիսկ՝ կորստեան: Աւանդութիւնները սերտօրէն առնչուած են մշակոյթին, որովհետեւ մշակոյթն է աւանդութիւն մը ձեւաւորողը ու կազմաւորողը, անոր իւրայատուկ ինքնութիւն ու արտայայտութիւն տուողը: Աւանդութիւնները նաեւ կապուած են եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը կազմող ծէսին: Ծէսին ու աւանդութեան միախառնումը մէկ կողմէ՝ աւանդութիւնները պահած են անվթար, միւս կողմէն՝ աւանդութիւնները տուեալ ծէսին իւրայատկութիւնը պահած են ամուր: Աւանդութեան առնչութիւնը միջավայրին հետ միշտ եղած է գոյութենական, որովհետեւ միջավայրին ճամբով ինքզինք արտայայտելով, աւանդութիւնները միշտ ենթակայ եղած են անոր ազդեցութիւններուն:
Մեր մատնանշած երեւոյթները այնքան ցայտուն կերպով ի յայտ կու գան մեր ժողովուրդի պարագային: Արդարեւ, երբ պահ մը դիտենք մեր ազգին ու եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթը, ներքին վերիվայրումները, տեղափոխութիւնները, միջավայրի փոփոխութիւնները ու յատկապէս մշակոյթի տիրական ներկայութիւնը, յստակօրէն կը նըշմարենք աւանդութիւններուն կարեւոր դերը: Սնայուն տեղաշարժի ենթակայ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս նաեւ յստակօրէն կը տեսնենք մեր աւանդութիւններուն մէկ մասին կորուստը կամ գունաթափումը եւ նոր աւանդութիւններու յառաջացումը: Իսկ այսօր նաեւ ականատես կը դառնանք նոյն աւանդութիւններուն տարբեր արտայայտութիւնները՝ Միջին Արեւելքէն եւ արեւմտեան գաղութներէն ներս, որպէս հետեւանք միջավայրի ազդեցութեան: Նշեալ երեւոյթները մեզ պէտք է մղեն մէկ կողմէն՝ վերաշեշտելու աւանդութեան ներկայացուցած անփոխարինելի կարեւորութիւնը, եւ միւս կողմէն՝ անհրաժեշտութեան պարագային, անցեալէն ժառանգուած աւանդութիւնները վերատեսութեան ու բարեփոխութեան ենթարկելու հրամայականը:

ՀԱՐԿ Է ՎԵՐԱՇԵՇՏԵԼ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ
Ինչպէս տեսանք, աւանդութիւնը բոլոր ժողովուրդներու ու կրօններու կեանքէն ներս կենսական նշանակութիւն ու յատուկ կարեւորութիւն ունի: Նո՛յնն է պարագան, եւ աւելիո՛վ, մեզի համար, որպէս տառապալից պատմութիւն ու լայնատարած սփիւռք ունեցող եւ համեմատաբար փոքր ժողովուրդ: Արդ, անհրաժեշտ է մեր պատմութեան փորձառութեան լոյսին տակ հետեւեալ հաստատումները կատարել.-
ա) Մեր ժողովուրդին գոյութիւնը ամրապնդողը աւանդութիւնն է:
բ) Ներկան անցեալին կապողը աւանդութիւնն է:
գ) Մեր ազգին միութիւնը ապահովողը աւանդութիւնն է:
դ) Մեր ազգին իւրայատկութիւնը արտայայտողը աւանդութիւնն է:
ե) Մեր արժէքները ու տեսլականները, մեր հաւատքն ու ոգին պահողը ու մեր հաւաքական կեանքէն ներս հունաւորողը աւանդութիւնն է:
զ) Վերջապէս, Սփիւռքի տարածքին, հայապահպանման զօրեղ ազդակներէն մէկն է աւանդութիւնը:

Ժողովուրդ մը իր աւանդութիւններով կ’ապրի ու կը գոյատեւէ պատմութեան մէջ, իր աւանդութիւններով ինքզինք կ’ըլլայ ու ինքզինք կ’արտայայտէ միջավայրի մը մէջ: Իր աւանդութիւններու ճամբով իր սեփական արժէքները ու իտէալները կը փոխանցէ գալիք սերունդներուն: Աւանդութիւնը ո՛չ անցեալ է եւ ո՛չ ալ անցեալի մէջ կը պահէ անոր հետեւողը: Ժողովուրդ մը ճանչնալու համար պէտք է անոր աւանդութիւնները ճանչնալ:

ՀԱՐԿ Է ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՐՁՆԵԼ ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ

Համաշխարհային մշակոյթով տիրապետուած, գիտութեամբ ու ճարտարագիտութեամբ շաղախուած ներկայ ժամանակներուն, աւելի քան երբեք աւանդութիւնը կը նկատենք հրամայական, յատկապէս մեր փոքր ազգին, եկեղեցւոյ ու մշակոյթին համար:

Հետեւաբար, հարկ է ըլլալ աւանդապահ, սակայն ո՛չ աւանդամոլ: Հարկ է ըլլալ հաւա- տարիմ աւանդութիւններուն նկատմամբ, սակայն զանոնք չվերածել անփոփոխելի ու անհպելի երեւոյթի:

1) Անհրաժեշտ է, որ անցեալէն եկող բոլոր բնոյթի մեր աւանդութիւնները վերանայման ենթարկուին: Այլ խօսքով՝ հարկ է պահել միջուկը եւ բարեփոխել կեղեւը:
Պօղոս Առաքեալ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիստոնեաներուն պատգամ մը կ’ուղղէ ըսելով՝ ձեր հայրերու աւանդութիւններուն ամուր կառչեցէք (Բ.Թես 2.15): Այսօր, Առաքեալին խօսքը փոխ առնելով, որպէս հայրական պատգամ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ջերմօրէն կը թելադրենք.

– ամուր կառչեցէք մեր հայրերուն կողմէ ստեղծուած, մշակուած, հաստատուած, ապրուած եւ ի գին ամէն զոհողութեան պահուած աւանդութիւններուն, այն հաստատ համոզումով ու խոր գիտակցութեամբ, թէ՝
– մեր աւանդութիւնները մեզ պահեցին ամուր՝ պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց:
– մեր աւանդութիւնները մեր ինքնութիւնը երաշխաւորեցին՝ ինքնութիւն այլափոխող ժամանակի հոսանքներուն դիմաց:
– մեր աւանդութիւնները մեզի համար դարձան ապահովութեան կռուան, գոյութեան խարիսխ եւ միութեան օղակ՝ պայմաններուն պարտադրած վերիվայրումին դիմաց:
– մեր աւանդութիւնները դարձան մեր ընդհանրական ու գերագոյն արժէքներն ու իտէալները, մեր իրաւունքներն ու պահանջները արծարծ պահող կենդանի յուշարարներ՝ մարդկութեան լռութեան դիմաց:

Այո՛, այսպէ՛ս եղան աւանդութիւնները մեր ժողովուրդին համար իր ողջ պատմութեան ընթացքին: Այսպէս են նաեւ այսօ՛ր՝ ներկայ փոթորկալից աշխարհին մէջ:
Մեր ժողովուրդին մօտ աւանդութեան նկատմամբ որեւէ ձեւի մակերեսային վերաբերում, անտեսում կամ անտարբերութիւն, հարկ է որ փոխուի: Արդարեւ, մեր անցեալը ներկային կապող, ներկան ամրապնդող ու ապագային բացող ու մեր ժողովուրդի ոգին, հաւատքը ու տեսլականը արտայայտող աւանդութիւններուն նկատմամբ անհրաժեշտ է ունենալ հաւատարմութիւն ու նախանձախնդրութիւն:
Ա՛յս պէտք է դառնայ մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն, պատասխանատուներուն եւ իւրաքանչիւր հայու համար հիմնական առաջնահերթութիւն:

Հետեւաբար, կը թելադրենք, որ

1) Աւանդութեան կարեւորութիւնը շեշտող յօդուածներ գրուին հոգեւոր հայրերուն ու մտաւորականներուն կողմէ:
2) Մատչելի ու դաստիարակչական մօտեցումով յատուկ գրքոյկներ պատրաստուին աւանդութիւններու ծնունդը, հոլովոյթը եւ նպատակը պարզող:
3) Հոգեւոր հայրեր, թէ՛ իրենց քարոզներուն եւ թէ ընտանիքներուն տուած այցելութիւններուն ընթացքին, յիշեցնեն մեր աւանդութիւններուն ներկայացուցած իւրայատուկ կարեւորութիւնը:
4) Մեր կառոյցները, յատկապէս տիկնանց միութիւնները, ժողովըրդային յատուկ հաւաքներ կազմակերպեն՝ աւանդութիւններ բացատրող ու անոնց դերը ու այժմէականութիւնը պարզող:

Վստահ ենք, որ յիշեալ գործնական քայլերը մեր զաւակները պիտի մղեն վերականգնելու, վերարժեւորելու ու վերակենսաւորելու մեր այնքան գեղեցիկ ու իմաստալից աւանդութիւնները ներկայ ժամանակներու լոյսին տակ:
Այս մտածումներով ու սպասումներով անգամ մը եւս մեր հայրական օրհնութիւնը կը փոխանցենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհներով պածառակերպէ մեր ժողովուրդին կեանքը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 Յունուար, 2025
Անթիլիաս, Լիբանան

 

 

ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀՌՉԱԿՈՒՄՆԵՐ 

2003 − «Աստուածաշունչի Տարի» 

2004 − «Հայ Ընտանիքի Տարի» 

2005 − «Ազգային Պահանջատիրութեան Տարի» 

2006 − «Հայ Դպրոցի Տարի» 

2007 − «Հայ Լեզուի Տարի» 

2008 − «Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի» 

2009 − «Երիտասարդութեան Տարի» 

2010 − «Հայ Կնոջ Տարի» 

2011 − «Հայ Մանուկի Տարի» 

2012 − «Հայ Գիրքի Տարի» 

2013 − «Հայ Մօր Տարի» 

2014 − «Տարեցներու Տարի» 

2015 − «100-ամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան» (կոնդակ) 2016 − «Ծառայութեան Տարի» 

2017 − «Վերանորոգման Տարի» 

2018 − «100-ամեակ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան» (կոնդակ) 2019 − «Հայ Մամուլի Տարի» 

2020 − «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի» 2021 − «Արցախի Տարի» 

2022 − «Սփիւռքի Տարի» (Ա.) 

2023 − «Սփիւռքի Տարի» (Բ.) Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում 2024 − «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի» 

2025 − «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի»