«Աստուածաշնչական համարներ ու արտայայտութիւններ, որոնք մուտք գործած են հայոց լեզուին մէջ» Մաս 2

Աստուածաշնչական համարներ՝ այս գլխուն տակ արձանագրուած պիտի գտնենք կարգ մը աստուածաշնչական (թէ՛ Հին Կտակարանէն եւ թէ՛ Նոր Կտակարանէն) համարներ, որոնք դարերու ընթացքին մուտք գործած են Հայ խօսակցական եւ գրական լեզուին մէջ՝ վերածուելով առածներու: Սոյն համարները այսօր մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն եւ կը գործածուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ, սակայն դժբախտաբար, զանոնք օգտագործողներուն մեծ մասը՝ մանաւանդ նոր սերունդը, չի գիտեր անոնց հիմնական աղբիւրը՝ Աստուածաշունչ Մատեանը:

Տանք օրինակներ.-
«Մարդուն ուժը իր հասակին համեմատ կ’ըլլայ»:
Երբ հայեր տեսնեն, թէ կարճ անձ մը չի կարողանար ծանր առարկայ մը շալկել, կ’ըսեն.- «Մարդուն ուժը իր հասակին համեմատ կ’ըլլայ»: Այս խօսքը առնուած է Հին Կտակարանի Դատաւորներու գիրքէն: Դատաւորներու գիրքին 8-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք, թէ Գեդէոն իր անդրանիկ որդիին՝ Յեթերին կը պատուիրէ, որ Զեբէէին ու Սաղմանային սպաննէ, սակայն տղան պատանի ըլլալուն պատճառով, կը վախնայ (Դտ 8.18-20): Ասոր իբրեւ արդիւնք Զէբէէն եւ Սաղմանան Գեթէոնին կ’ըսեն.- «Դուն ելի’ր ու մեզ սպաննէ, քանզի մարդուն ուժը իր հասակին համեմատ կ’ըլլայ» (Դտ 8.21):

«Ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէ»:
Երբ երկիր մը նախագահ չունենայ կամ հաստատութիւն մը տնօրէն չունենայ, բնական է որ խառնակ վիճակ մը տեղի ունենայ: Այսպիսի պարագաներու Հայեր կ’ըսեն.- «Ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէ»: Իրականութեան մէջ այս առածաձեւ խօսքը քաղուած է Դատաւորներու գիրքէն (Դտ 21.25): Դատաւորներու գիրքին 21-րդ գլուխին վերջին համարներուն մէջ կը կարդանք, թէ Իսրայէլի 12 ցեղերէն՝ Բենիամինի ցեղին պատկանող անձերը կը պահուտին այգիներուն մէջ, որպէսզի հոն եկող Սելովի աղջիկները յափշտակեն եւ իրենց կիները դարձնեն: Բենիամինի որդիները կը հասնին իրենց նպատակին: Անոնք կիները առնելով, քաղաքներ կը շինեն եւ հոն անոնց հետ կը բնակին: Վերջին համարը կ’ըսէ.- «Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար, ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ըներ»:
«Աստուած սրտիդ համեմատ տայ»:
Երբ որեւէ առիթի ուզենք բարեմաղթութիւն կատարել, կ’ըսենք.- «Աստուած սրտիդ համեմատ տայ»: Իրականութեան մէջ անիկա առած մը չէ, այլ՝ Սաղմոս: Այս համարը գրուած է Սաղմոսերգու Դաւիթին կողմէ, որ կը գտնուի Սաղմոսագիրքի 20-րդ գլուխին մէջ եւ կը կրէ «Աղօթք Թագաւորին համար» վերնագիրը: Համարը կ’ըսէ.- «Տէրը սրտիդ համեմատ թող տայ քեզի, եւ քու բոլոր փափաքներդ կատարէ» (Սղ 20.4):

«Իր բացած փոսին մէջ ի՛նք պիտի իյնայ»:
Ծածուկ կերպով աշխատող նենգաւոր անձերուն համար կ’ըսենք.- «Իր բացած փոսին մէջ ի՛նք պիտի իյնայ»: Ասիկա դարձեալ հայկական առած մը չէ, այլ՝ Սաղմոս: Այս համարը գրուած է Սաղմոսասաց Դաւիթին կողմէ, որ կը գտնուի Սաղմոսագիրքի 35-րդ գլուխին մէջ եւ կը կրէ «Օգնութեան Աղօթք» վերնագիրը: Համարը կ’ըսէ.- «Որովհետեւ՝ առանց պատճառի ինծի համար թակարդ լարեցին, առանց պատճառի փոս փորեցին ինծի համար: Անսպասելիօրէն թող կորուստի մատնուին, իրենց լարած թակարթին մէջ թող որ իրե՛նք բռնուին, իրե՛նք իյնան իրենց բացած փոսին մէջ, ու կորսուին»
(Սղ 35.7-8):
«Սրտերը քննողը Աստուած է»:
Երբ Հայեր ոեւէ անձի մասին վատ կարծիք մը ունենան, երէց սերունդի անդամները կ’ըսեն.- «Սրտերը քննողը Աստուած է»: Յաճախ կը կարծուի, թէ այս խօսքը հայկական առած մըն է, սակայն իրականութեան մէջ անիկա աստուածաշնչական համար մըն է, որ կը գտնուի Պօղոս առաքեալի կողմէ Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղուած առաջին նամակին մէջ: Առաքեալը իր աւետարանչութեան մասին խօսած ժամանակ կ’ըսէ.- «Կը խօսինք (կը քարոզենք) ո’չ թէ մարդոց հաճելի ըլլալու համար, այլ՝ Աստուծոյ, որ մեր սրտին խորհուրդները կը քննէ» (Ա.Թս 2.4):

«Ինչ որ ցանես՝ այն կը հնձես»:
Երբ ոեւէ անձ իր կատարած լաւ թէ վատ գործին փոխարէն արդիւնք ստանայ կամ ձախողութիւն ունենայ, Հայեր կ’ըսեն.- «Ինչ որ ցանես՝ այն կը հնձես»: Այս խօսքը դարձեալ հայկական առած մը չէ, այլ՝ աստուածաշնչական համար: Անիկա կը գտնուի Պօղոս առաքեալի կողմէ Գաղատացիներուն ուղղուած նամակին մէջ: Առաքեալը 6-րդ գլուխին մէջ կը յայտնէ, թէ մարդ իր կատարած արարքին պատասխանատուութիւնը կը կրէ, որովհետեւ կարելի չէ Աստուծոյ քթին խնդալ : Ան շարունակելով կ’ըսէ.- «Մի’ խաբուիք, Աստուած չի ծաղրուիր, որովհետեւ ի՛նչ որ մարդ կը սերմանէ, զայն ալ պիտի հնձէ: Ա’ն որ իր մարմինին համար կը սերմանէ, այդ մարմինէն ապականութիւն պիտի հնձէ,իսկ ա՛ն որ Հոգիին համար կը սերմանէ, այդ Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ» (Գղ 6.7-8):

Յաջորդին պիտի շարունակենք Աստուածաշնչական այս համարները:

Փառք Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: