«Աստուածաշնչական համարներ ու արտայայտութիւններ, որոնք մուտք գործած են հայոց լեզուին մէջ»
Հայ ազգը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, ճանչցուած է իր բարեպաշտութեամբ եւ
աստուածսիրութեամբ: Չկայ աշխարհի մէջ ազգ մը, որ այնքա՜ն սէր ցուցաբերած ու
խորապէս կապուած է Աստուածաշունչ Մատեանին, եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական կրօնին,
որքան Հայ ազգը: Այս հաստատումին փաստերը մենք կը գտնենք Հայ գրագէտներու
ստեղծագործութեանց եւ Հայ մամուլի էջերուն մէջ, ինչպէս նաեւ երէց սերունդի
անդամներուն մօտ:
Հայ գրագէտներ յաճախ իրենց արձակ գրութիւններուն, բանաստեղեծական
ստեղծագործութիւններուն եւ գեղարուեստական կտորներուն մէջ յիշած են
աստուածաշնչական համարներ, եկեղեցական-ծիսական բառեր եւ քրիստոնէական
դարձուածքներ, որոնք արժանապէս կը փաստեն Հայ ազգին սերտ կապուածութիւնը
Աստուածաշունչ Մատեանին եւ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցիին:
Օրինակ՝ Դանիէլ Վարուժան «Հացին Երգ»ը խորագիրը կրող իր իւրայատուկ
բանաստեղծական գործին մէջ, բանաստեղծութիւն մը ունի «Անդաստան» անունով, որ
իրականութեան մէջ եկեղեցական-ծիսական բառ մըն է եւ Հայ եկեղեցւոյ ծէսին մէջ
կատարուող արարողութիւն մը: Արձակագիր Արշակ Չօպանեան Աստուածաշունչ Մատեանին
մասին հետեւեալը գրած է. «Աստուածաշունչը կրօնական գիրք մը չէ լոկ, մարդկային սրտին
եւ ուղեղին քէրդողական եւ իմաստասիրական բարձրագոյն արտայայտութիւններէն մէկն է:
Արդիական քաղաքակրթութիւնը այդ հսկայ գրքին եւ հին հելլէն մշակոյթի զուգախառնումին
արդիւնքն է»: Բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ ճշմարիտ Հայ գրագէտին արժանիքը ճշդելով
կ'ըսէ. «Ով չի կարդացել Աստուածաշունչը, նա չի կարող իսկական իմաստով գրագէտ մարդ
կոչուել, առաւել եւս՝ գրականագէտ…: Ամբողջ համաշխարհային գրականութիւնը դուրս է
եկել Աստուածաշունչից. այստե՛ղ է բոլոր ժանրերի ու սիւժէների սկիզբը: Նրա հիման վրայ
են ստեղծուել համաշխարհային գրականութեան ու արուեստի գլուխ գործոցները»:
Շահանդուխտ բանասատեղծական գործ մը ունի «Աւանդատուն» անունով, որ
իրականութեան մէջ եկեղեցական-ծիսական բառ մըն է եւ կը նշանակէ խորանին կից գտնուող
2
սենեակը, ուր կը գտնուին եկեղեցական սրբութիւններ ու անօթներ, ուր նաեւ քահանան կը
զգեստաւորուի:
Տակաւին կարելի է շարքը երկարել…
Աստուածաշունչ Մատեանին նկատմամբ Հայ ազգին ունեցած անսահման սիրոյն հայելին
այսօրուան երէց սերունդն է: Իւրաքանչիւր Հայ մամիկ եւ պապիկ իր օրը սկսած չի համարեր,
էթէ առաւօտուն չարտասանէ Տէրունական աղօթքը, չընթերցէ աստուածաշնչական գլուխներ
եւ սուրբերու կողմէ գրուած աղօթագիրքերէն, ինչպէս Նարեկ, Կիպրիանոս, Եփրեմ Խուրի
Ասորի եւ այլ աղօթքներ: Ամէն Կիրակի երէց սերունդին պատկանող անձեր իրենց թոռներուն
ձեռքէն բռնած, զանոնք եկեղեցի կ'առաջնորդեն: Երբ ոեւէ Հայ տարեց չկարողանայ եկեղեցի
երթալ Ս. Ծնունդին, Տեառնընդառաջին, Քառասնօրեայ պահեցողութեան կիրակիներուն եւ
հսկումներուն, Ս. Զատիկին, Ս. Համբարձումին, Վարդավառին կամ Ս. Պայծառակերպութեան
եւ այլ տէրունի ու եկեղեցական տօներու, ինքզինք մեղաւոր կը զգայ: Ասոնց կողքին, Հայ
երէցին բերանէն անպակաս են աղօթքներն ու օրհնութիւնը, որոնց պատճառով անոնք
կոչուած են աղօթահամ եւ օրհնեալ:
Հայ մամուլը պատմութեան ընթացքին, միշտ յատուկ տեղ ու բաժին տուած է կրէօնական-
բարոյական գրութիւններուն ու եկեղեցական տօներուն եւ յայտարարութիւններուն: Հայ
մամուլը ի՜նչ բնոյթ ալ ունենայ, ո՜ր կազմակերպութեան ալ պատկանի, անկարելի է որ ի
լոյս չընծայէ եկեղեցական տօներու, բարոյագիտական նիւթերու եւ Ս. Գրային թեմաներու
մասին գրուած յօդուածներ: Անշուշտ նոյն մօտեցումը ունին նաեւ կրօնական բնոյթ ունեցող
մամուլը:
Այսպիսով կը տեսնենք, թէ Հայ ազգը դարերու ընթացքին ամրօրէն փարած է
Աստուածաշունչ Մատեանին ու Հայ եկեղեցւոյ տօներուն եւ աւանդութիւններուն՝ զանոնք
վերածելով Հայ թթուածինին անբաժանելի մէկ մասնիկը: Ասոր իբրեւ արդիւնք, Հայ
խօսակցական թէ գրական լեզուին մէջ մուտք գործած են աստուածաշնչական համարներ ու
արտայայտութիւններ, որոնք այսօր մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ կը գործածուին
իբրեւ առած: Մեր յաջորդ խորհրդածութիւններուն պիտի ներկայացուին անոնցմէ միայն
ա՛յն համարներն ու արտայայտութիւնները, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն վայելած են ու կը
վայելեն մեր ժողովուրդին կողմէ: Շեշտը դրուած է առաւելաբար Հին Կտակարանին վրայ,
որովհետեւ այսօր, Հին Կտակարանը չընթերցուիր մեր ժողովուրդին կողմէ, որքան Նոր
կտակարանը:
3
Յաջորդին պիտի անդրադառնանք այդ Աստուածաշնչական համարներու մասին:
Փառք Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: