ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»
Սուրբ թարգմանիչ վարդապետներու տօնը հայ ժողովուրդի ամէնանուիրական եւ սիրուած ազգային-եկեղեցական տօներէն է: Թարգմանիչ վարդապետներու յիշատակը Հայ եկեղեցին կը տօնէ տարին երկու անգամ: Առաջինը կը կոչուի «Տօն սրբոց թարգմանչաց մերոց Սահակի եւ Մեսրոպի» եւ կը տօնուի Հոգեգալստեան չորրորդ Կիրակիին յաջորդող Հինգշաբթի օրը: Երկրորդը կը կոչուի «Տօն մեր սուրբ վարդապետներու՝ Սահակի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոնց սուրբ աշակերտներու՝ Եղիշէ Պատմիչի, Մովսէս Քերթողի, Դաւիթ Անհաղթ փիլիսոփայի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Կլայեցիի», որը շարժական տօն է եւ կը նշուի Հոկտեմբերի 3-էն մինչեւ Նոյեմբերի 7-ի ինկած ժամանակահատուածին մէջ:
Թարգմանիչ ընդհանուր անուան տակ յայտնի են Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Ս. Սահակ Պարթեւին աշակերտած շուրջ հարիւր սաներ: Սկզբնական շրջանին կային յատուկ թարգմանիչներ, որոնք արարողութեան ժամանակ Սուրբ Գիրքի հատուածները բանաւոր կերպով կը թարգմանէին հայերէն: Սակայն այս բաւարար չէր: Այս խնդրի շուրջ մտահոգուած էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոց: Հայը զրկուած էր Սուրբ Գիրքը ընթերցելու եւ ճշմարտութիւնն ու փրկութիւնը ձեռք բերելու հնարաւորութենէն: Ան անընդհատ կը մտածեր Սուրբ Գիրքը հայերէնի վերածելու գաղափարի շուրջ, որու իրականացման համար կը դիմէ Հայոց Կաթողիկոս՝ Ս. Սահակ Պարթեւին եւ մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ: Կը պարզուի որ կաթողիկոցը նոյնպէս մտահոգուած էր նոյն հարցով: Անոնց ծրագրին իր հաւանութիւնը կու տայ նաեւ թագաւորը՝ Վռամշապուհ Արշակունին: Ս. Մեսրոպ կը վերցնէ իր աշակերտները եւ կերթայ Ասորիքի Միջագետք, Եդեսիա քաղաքը, ուր տեղի կունենայ ամէնամէծ հրաշքներէն մէկը. «Ս. Մեսրոպ ապաւինեց Աստուծոյ պահքով եւ աղօթքով: Եւ Աստուած, որ կը կատարէ Իրմէ երկիւղ խնդրողներու կամքը, կը լսէ Մեսրոպի աղօթքները եւ ցոյց կու տայ անոր գիրերը սքանչելի տեսիլքիով մը եւ ոչ թէ երազի մէջ քնացած ժամանակ, այլ արթուն աչքերով իմանալի եւ աչքի տեսանելիքով զգալի: Մեսրոպ կը տեսնէ, որ աջ ձեռքի դաստակով կը գրէ վէմի մը վրայ, որ դրուած էր իր արջեւ: Եւ գիրի փորուացքը այնպիսին էր, ինչպէս իր ձեռքը կու տար վէմին վրայ. Եւ գիրերու տարբերութիւններն ու անունները կը ձեւաւորուէին իր մտքին մէջ»: (Մովսէս Խորենացի «Հայոց պատմութիւն»):
Ունենալով հայ նշանագրերը՝ Ս. Մեսրոպ Հռոփանոսի հետ կը սկսի ձեւաւորել զանոնք: Ստանալով արդէն գրելու պատրաստ տարերը՝ Ս. Մեսրոպ առաջին անգամ կը թարգմանէ Սուրբ Գիրքի հետեւեալ տողը. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» (ճանաչել իմաստութիւնն ու խրատը, իմանալ հանճարի խոսքերը), որը վերցուած էր Սողոմոնի «Առակաց» գիրքէն: Ահա այս էր, որ եղաւ առաջին հայատառ նախադասութիւնը, որով բոլորի համար հասկնալի պէտք է դառնար Խոսքը եւ Գիրքը ընթերցելու անհրաժեշտութեան գաղափարը: Այս աստուգածատուր նուէրէն ետք Ս. Մեսրոպ կը վերադառնայ Հայաստան՝ հետը բերելով գանձ մը, որ պիտի ըլլար հայ ժողովուրդի յետագայ դարերու մաքառման զէնքը, ինչպէս նաեւ անոր գոյատեւման երաշխիքը: Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի ջանքերով Հայաստանի մէջ կը բացուին դպրոցներ, ուր կ՛ուսուցանուէին հայ գիրերը: Անոնք իրենց աշակերտներու հետ ձեռնամուխ կը դառնան Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան: Այսպիսով, քրիստոնէութիւնը կը հայկականացուի եւ կը դառնայ հայու կենսակերպը: