«Հրաշագործը»

«Աստուած է իր սուրբերուն միջոցաւ հրաշքներ գործողը»:    

 

   Ո՞վ էր ան, որ երկինքի դռները գոցեց եւ հրամայեց, որ անձրեւ չիջնէ, Եղիա՞ն, թէ՝ Աստուած, որ անոր մէջ կը բնակի: Մենք կը հաւատանք, թէ ան, որ երկինքներուն վրայ իշխանութիւն ունի, Ինք էր, որ բազմած էր Եղիայի սրտին, մտքին ու հոգիին մէջ, եւ Աստուծոյ խօսքը Եղիայի լեզուին միջոցաւ հրամայեց, որ անձրեւ իջնէ երկրի վրայ եւ իջաւ: 

Նոյն ձեւով, Մովսէս իր ձեռքի գաւազանը գետին նետեց եւ անիկա օձի վերածուեցաւ: Երբ կրկին խօսեցաւ, ահա վերստին գաւազան դարձաւ: Մովսէս հնոցէն մոխիր առաւ եւ դէպի երկինք ցանեց, եւ ահա բոլոր մարդիկն ու անասունները ուռեցքներով զարնուեցան: Ինչպէս նաեւ երբ գաւազանը վեր բարձրացուց, ամբողջ Եգիպտոսի երկիրը գորտերով եւ շանաճանճերով լեցուեցաւ (Ելք 8. 5,17):  Մարդկային բնութիւնը արդեօք կրնա՞յ այս բաները ընել: Մովսէս ձեռքը երկնցուց եւ ծովը ճեղքեց, ինչպէս նաեւ ձեռքը վեր բարձրացուց եւ բոլոր գետերուն ջուրերը արիւնի փոխուեցան: Յստակ է, որ աստուածային զօրութիւնը կը բնակէր Մովսէսի սրտին ու մտքին մէջ, եւ այդ զօրութիւնն էր, որ Մովսէսի միջոցաւ այդ բոլոր հրաշքները կը կատարէր:

   Արդեօք Դաւիթ ի՞նչպէս կրցաւ կռուիլ հսկայ Գողիաթին դէմ, առանց նոյնիսկ զրահաւորուած ըլլալու: Աստուծոյ ձեռքը ի’նք առաջնորդեց քարը Դաւիթին միջոցաւ, եւ վերջինս զայն նետեց փղշտացիին վրայ… եւ Աստուծոյ զօրութիւնն էր, որ յաղթեց ու սպաննեց հսկան: Դաւիթ երբեք առանձինն պիտի չկրնար նման բան մը ընել, որովհետեւ ան մարմինով շատ տկար էր:

   Երբ Յեսու Երիքով եկաւ եւ եօթը օր պաշարեց քաղաքը, անձնապէս ան իր մարդկային բնութեամբ ոչինչ կրցաւ ընել. բայց երբ հրամանը Աստուծմէ եկաւ՝ քաղաքին պարիսպները իրենք իրենց վրայ փուլ եկան…: Ո՞վ հրամայեց՝ որ արեւը երկու ժամ կանգ առնէ, մինչ պատերազմը կատաղիօրէն կը շարունակուէր: Արդեօք Յեսուի բնութիւ՞նն էր, թէ՞ Աստուծոյ զօրութիւնը, որ անոր հետ ու անոր կողքին էր: 

   Երբ Յեսու հսկաներուն հետ պատերազմիլ սկսաւ, ամէն անգամ, որ Մովսէս իր ձեռքերը դէպի երկինք կը փարձրացնէր, իսրայէլացիները կը յաղթէին, եւ երբ ան յոգնելով վար իջեցնէր՝ հսկաները կը յաղթէին: Արդ, գործողը Մովսէսի մարդկային բնութիւ՞նն էր, թէ՞ անոր մէջ գործող Աստուծոյ զօրութիւնը: 

   Բայց երբ այս բաներուն մասին կը լսէք, թոյլ մի’ տաք, որ ձեր միտքը հեռու տեղեր դեգերի, այլ՝ մինչ անոնք խորհրդանիշն ու շուքն էին գալիք ճշմարիտին, դուք փորձեցէք զանոնք ձեր անձին պատշաճեցնել: 

   Երբ ձեր մտքին ու խորհուրդներուն ձեռքը դէպի երկինք բարձրացնէք, մտադրեցէք Աստուծոյ կառչիլ եւ անոր հետ միանալ, այն ատեն սատանան ձեր մտածումներուն տակ պիտի իյնայ: Եւ այնպէս՝ ինչպէս Աստուծոյ զօրութեամբ Երիքովի պարիսպները գետին ինկան, նոյնպէս ալ, այժմ, կը խորտակուին սատանային քաղաքն ու չարին պատերազմները, որոնք ձեր մտքին դէմ կը մղուին, եւ կ’իյնան նաեւ ձեր բոլո’ր թշնամիները:   

   

   Երբ մարդ կը յարատեւէ ու հաւատքով կը խնդրէ, այն ատեն շնորհքը կը հանգչի եւ կը սկսի անոր վրայ տիրապետել, սակայն ո’չ ամբողջապէս: Հազիւ շնորհքը գործել սկսի եւ անփորձ մարդը որոշ մխիթարութիւն գտնէ անոր միջոցաւ, կը կարծէ թէ շնորհքը լիովին տիրապետեց իր վրայ եւ մեղքը ամբողջականօրէն արմատախլուեցաւ իրմէ, հակառակ անոր, որ ան մեծ մասամբ մեղքին տիրապետութեան տակ կը մնայ եւ փոքր բաժին մը միայն շնորհքի ազդեցութեան տակ կ’ըլլայ: Այսպէս, մարդը առանց գիտակցելու կը խաբուի: 

   Այն մարդը, որ Աստուծոյ օգնութիւնը, հոգեւոր ուրախութիւնն ու երկնաւոր շնորհքի պարգեւները կը ստանայ եւ կը կարծէ, թէ այլեւս բնաւ ենթակայ չէ մեղքին ու անոր յառաջացուցած վնասներուն, այդպիսին առանց գիտնալու խաբուած մըն է, որովհետեւ չի զանազաներ ու չի ճանչնար մեղքին վատութիւնը եւ չ’անդրադառնար, որ հոգեւորապէս աճիլն ու զարգանալը աստիճանաբար եւ մանկութենէն կը սկսի, մինչեւ հասնի հասունութեան եւ Քրիստոսով կատարելութեան: Քանի որ հաւատքը կ’աճի ու կը զարգանայ աստուածային Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ: 

   Դուք իբրեւ իմաստութեան եւ խոհականութեան տէր մարդիկ, խորհրդածելով տրուած խօսքերուն մասին եւ քննելով անոնց զօրութիւնը, կրնաք Տիրոջմով աւելի իմաստուն եւ գիտակից դառնալ, աճիլ ու զարգանալ պարզասրտութեան, շնորհքի եւ ճշմարտութեան մէջ եւ զգաստութեամբ կառչիլ ձեր փրկութեան: Այսպիսով կ’ազատագրուիք նաեւ սատանայական ու ամէն տեսակի չար յարձակումներէ ու խաբէութիւններէ, եւ արժանի կ’ըլլաք ընտիր մշակներ նկատուելու, որոնք ո’չ ամչնալիք բան ունին եւ ո’չ ալ դատաստան՝ Քրիստոսի ահաւոր երկրորդ գալստեան օրը: 

        Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառք, պատիւ եւ երկրպագութիւն, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն: 

Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան