Խորհրդանիշն ու Ճշմարիտը

 

«Պիտի տանք բացատրութիւններ խորհրդանշական այն բաներուն, որոնք կը կատարուէին Օրէնքին տակ»:    

Առաջին՝ Մովսէս մարգարէին երեսին փայլքը:   

Փառքը, որ Մովսէս մարգարէի երեսին վրայ յայտնուեցաւ, խորհրդանիշն էր գալիք ճշմարիտ փառքին, որուն իսրայէլացիները չկրցան նայիլ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ ըսած է Կորնդացիներուն յղած իր երկրորդ նամակին մէջ.- «Իսկ եթէ քարերու վրայ փորագրուած մահուան սպասարկութիւնը ա’յնքան փառաւոր եղաւ, որ Իսրայէլի որդիները չէին կրնար նայիլ Մովսէսի երեսին՝ անոր դէմքին պայծառութեան պատճառով, որ պիտի ոչնչանար» (Բ.Կր 3.7): Նոյն ձեւով, քրիստոնեաները իրենց հոգիներուն վրայ կը ստանան աստուածային փառքի լոյսը, եւ խաւարը, որ չի կրնար հանդուրժել լոյսը, կը չքանայ ու կը փախչի: 

Երկրորդ՝ Թլփատութիւնն ու մարմնական մաքրութիւնները:

Հին Կտակարանին մարդիկը, իսրայէլացիները Աստուծոյ ժողովուրդ կը ճանչցուէին, թլփատութեան արտաքին նշանով: Բայց այժմ, Աստուծոյ ժողովուրդի որդիները թլփատութեան նշանը իրենց սրտերուն վրայ կը ստանան: Որովհետեւ երկնաւոր դանակը մտքին աւելորդ բաժինն է, որ կը կտրէ, այսինքն՝ պիղծ մեղքին փաթթոցը: 

   Հին Կտակարանին մէջ, անոնք մարմնական մաքրութեան համար մկրտութիւն ունէին, իսկ մեր մօտ Սուրբ Հոգիին՝ կրակի մկրտութիւնը կայ: Եւ ա’յս է այն՝ ինչ որ Յովհաննէս Մկրտիչ քարոզեց՝ ըսելով.- «Ան ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ» (Մտ 3.11):  

Երրորդ՝ Արտաքին եւ ներքին բնակարան:

Անցեալին, թէ’ արտաքին եւ թէ’ ներքին բնակարանները գոյութիւն ունէին (արտաքին եւ ներքին սրահը), «Քահանաներ պաշտամուք կատարելու համար միշտ կը մտնէին վրանին առաջին սրահը: Երկրորդ սրահը միայն քահանայապետը կը մտնէր, տարին մէկ անգամ, այն ալ՝ իր ժողովուրդին անգիտութեամբ գործած մեղքերուն փոխարէն զոհի արիւնը մատուցանելու համար Աստուծոյ: Այդ բոլորով Սուրբ Հոգին ցոյց կու տար, թէ որքան ատեն որ վրանին առաջին սրահը կանգուն կը մնար, բուն Սրբարանին մուտքը մեր առջեւ փակ է» (Եբր 9.6-8): Բայց միւս կողմէ, Քրիստոսով բացուած նոր դարաշրջանին մէջ, բոլոր անոնք՝ որոնք արժանի կը նկատուին ատոր, անոնք միայն կը մտնեն «Ներքին սրբարանը, ուր Յիսուս մտաւ մեզմէ առաջ եւ մեզի համար…» (Եբր 6.20): 

Չորրորդ՝ Երկու թռչուններ:

Օրէնքին մէջ գրուած է, թէ քահանան երկու թռչուն կ’առնէ, մէկը կը մորթէ եւ անոր արիւնը ողջ եղածին վրայ կը սրսկէ, ապա ողջ եղածը կ’արձակէ (տե’ս Ղւ 14.5-7): Բայց ասիկա որ նախապէս կը կատարուէր, ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ խորհրդանիշը ճշմարիտին: Որովհետեւ Քրիստոս մորթուեցաւ եւ իր արիւնով, որ մեր վրայ սրսկուեցաւ, մեզի թեւեր տրուեցան (Սուրբ Հոգիին թեւերը), որպէսզի անոնցմով առանց արգելքի դէպի աստուածային բարձունքը բարձրանանք:

Հինգերորդ՝ Քարէ տախտակներուն վրայ գրուած Օրէնքը:

 Հին Կտակարանին մէջ Օրէնքը քարէ տախտակներու վրայ գրուած տրուեցաւ անոնց, իսկ մեր պարագային, հոգեւոր Օրէնքները, ինչպէս Պօղոս առաքեալ ըսած է.- «Գրուած են մեր սրտերու մսեղէն տախտակներուն վրայ» (Բ.Կր 3.3), որովհետեւ գրուած է նաեւ, թէ «Իրենց միտքերուն մէջ պիտի դրոշմեմ իմ օրէնքներս, իրենց սրտերուն վրայ պիտի գրեմ զանոնք» (Եբր 10.16): Այդ բաները, բոլորն ալ, որոշ ժամանակի մը համար էին, որոնք չքացան: Բայց հիմա, Նոր Կտակարանին մէջ, ամէն ինչ ճշմարտապէս կը կատարուի ներքին մարդուն մէջ: Ուխտը մեր ներսիդին կը գտնուի, ինչպէս նաեւ պատերազմը մեր մէջ տեղի կունենայ: Պօղոս առաքեալ Կորնդացիներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ կ’ըսէ.- «Այս բոլորը անոնց պատահեցան՝ իբրեւ օրինակ գալիքին, եւ գրուեցան՝ իբրեւ ազդարարութիւն մեզի» (Ա.Կր 10.11): 

Վեցերորդ՝ Եգիպտոսի մէջ ստրկութիւնը:

Աստուած զգուշացուց Աբրահամը այն բանէն, որ պիտի պատահէր՝ եւ Ծննդոց Գիրքին մէջ ըսաւ.- «Ստոյգ գիտցիր որ քու սերունդդ իրենցը չեղած երկրի մէջ պանդուխտ պիտի ըլլան եւ ծառայութիւն պիտի ընեն ու հոն չորս հարիւր տարի պիտի չարչարուին» (Ծն 15.13): Եւ այս մարգարէութիւնը ամբողջութեամբ կատարուեցաւ, որովհետեւ ժողովուրդը պանդխտացաւ եւ եգիպտացիներուն կողմէ ստրկացաւ, ինչպէս Ելոց Գիրքին մէջ ըսուած է.- «Անոնց կեանքը ծանր գործերով՝ կաւով ու աղիւսներով եւ դաշտի ամէն տեսակ գործերով կը դառնացնէին» (Ելք 1.14): Փարաւոն անոնց վրայ գործավարներ կարգեց, որպէսզի չարչարեն եւ նուաստացնեն զիրենք: Բայց Իսրայէլի որդիները իրենց ծառայութեան պատճառով Աստուծոյ աղաղակեցին (տե’ս Ելք 2.23), Աստուած նայեցաւ անոնց, Մովսէսի միջոցաւ զանոնք փրկելու եկաւ (Ելք 2.25), եւ եգիպտացիները ծանր հարուածներով պատժելէ ետք, Իսրայէլի ժողովուրդը Եգիպտոսէն դուրս հանեց՝ գարնանային ամսուան ընթացքին, այսինքն՝ ձմռան դառնութիւնը աւարտելէ ետք:  

Ամենասուրբ Երրորդութեան կը վայելէ փառք, պատիւ եւ երկրպագութիւն, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:

Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան