Երկնաւոր Ընտանիքն ու Հոգիին Զէնքը

«Այնպէս՝ ինչպէս թագաւորական մարգարիտը թագաւորական ընտանիքէն սերածներէն բացի, ուրիշ ո’չ ոք կրնայ հագնիլ,

նոյնպէս ալ Աստուծոյ զաւակներուն միայն թոյլ կը տրուի հագնիլ երկնային մարգարիտը»:

   

    Արքայական շքեղ ու թանկագին մարգարիտը, որ թագաւորական թագին կը պատկանի, միայն արքայից արքային կը վայելէ: Արքան ի’նք միայն կրնայ կրել այդ մարգարիտը եւ իրմէ զատ ուրիշ ո’չ մէկուն կ’արտօնէ անոր նմանը հագնիլ: Այդպէս ալ, եթէ մարդ Աստուծոյ արքայական Հոգիէն չծնի, երկնային թագաւորական ընտանիքին անդամ չդառնայ եւ Աստուծոյ որդի չըլլայ՝ համաձայն Յովհաննու աւետարանին մէջ գրուածին.- «Իսկ զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յհ 1.12), այն ատեն չի’ կրնար երկնաւոր ամենաթանկագին մարգարիտը «հագնիլ». այսինքն՝ աննկարագրելի պատկերը Լոյսին, որ նոյնինքն Քրիստոս Տէրն է: Որովհետեւ ո’չ թագաւորական ընտանիքին կը պատկանի եւ ոչ ալ անոր որդին է: Քանի որ անոնք, որոնք կ’ունենան ու կը հագնին մարգարիտը, ապա նաեւ Քրիստոսի հետ յաւիտեանս յաւիտենից կ’ապրին ու կը թագաւորեն (կարդա’ Ա.Կր 15.35-58):

   Ձին, այնքան ատեն որ վայրի անասուններու հետ անապատին մէջ կ’արածի՝ չ’ենթարկուիր ու չի հնազանդիր մարդոց: Բայց զայն ընտանեցնելու համար, բռնելէ ետք ծանր երասանակ կը դնեն անոր վրայ, մինչեւ որ կարգապահութեամբ քալել սորվի, որմէ ետք միայն, վարպետ ձիաւորը անոր վրայ հեծնելով՝ կը մարզէ զայն, որպէսզի պատերազմի համար պիտանի դառնայ: Եւ ի վերջոյ անոր վրայ կը դնեն երկաթեայ օղակներով պատրաստուած զրահը, անշուշտ երասանակը հանելէ ու անոր աչքերուն առջեւ ճօճելէ ետք, որպէսզի վարժուի ու չվախնայ անկէ: Այս ձեւով ձիաւորը կը կրթէ ձին, որպէսզի պատերազմի մէջ կարենայ մասնակցութիւն բերել, որովհետեւ առանց երասանակին ու զրահին, ձին բնաւ պիտանի պիտի չըլլար պատերազմի մէջ: Սակայն, անգամ մը որ մարզուի ու վարժուի պատերազմի, ապա հազիւ որ կռիւին հոտը առնէ եւ պատերազմի ձայնը լսէ, անմիջապէս եւ ինք իրմէ կը յարձակի թշնամիին վրայ: Եւ ձիերու սմբակնմերուն հանած ձայնն իսկ բաւարար է՝ վախ ու սարսափ յառաջացնելու համար թշնամիին սրտին մէջ:

   Նոյն ձեւով ալ, մարդը, իր անկումէն ետք անհնազանդ գտնուեցաւ, վայրի դարձաւ եւ այս երկրի վրայ սկսաւ պտըտիլ գազաններու հետ, որոնք չար ու պիղծ ոգիներն են: Ան մեղքի ազդեցութեան տակ ըլլալով՝ մերժեց ծառայել ու հնազանդիլ: Սակայն, երբ լսեց Աստուծոյ ձայնը եւ հաւատաց, որ Սուրբ Հոգին կրնայ սանձահարել զինք եւ իրմէ դուրս վանել գազանային սովորութիւններն ու աշխարհիկ մտածումները, ապա շուտով յօժարեցաւ Քրիստոսի առաջնորդութեան տակ մտնել, որպէսզի վերջինս զայն ղեկավարէ ու առաջնորդէ: 

 

   Մարդ բազմաթիւ դժուարութիւններու կ’ենթարկուի եւ զանազան նեղութիւններ կը փորձարկէ Քրիստոսի լուծին ենթարկուելու իր ընտելութեան շրջանին: Այս պարագան հոգիին համար քննութեան պէս կ’ըլլայ, մինեւ որ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ ան աստիճանաբար կը սկսի դառնալ հնազանդ, ազնիւ եւ դիւրավար: Եւ Մեղքը, որ իր մէջ գոյութիւն ունի, աստիճանաբար նուազելով՝ ամբողջապէս կը չքանայ: Այս ձեւով մարդը իր վրայ կ’առնէ ու կը հագնի «արդարութեան զրահը, փրկութեան սաղաւարտը, հաւատքի վահանն ու Սուրբ Հոգիին սուրը» (տե’ս Եփ 6.14) եւ թշնամիին դէմ պատերազմիլ կը սորվի: 

 

   Այսպիսով, Տիրոջ Հոգիով սպառազինուած՝ ան չար ոգիներուն դէմ կը մարտնչի ու կը մարէ չարին մխացող նետերը: Սակայն առանց Սուրբ Հոգիի զրահին, ան երբեք չի’ կրնար դէպի պատերազմի գօտի յառաջանալ: Բայց երբ Տիրոջ զէնքը կը ստանայ՝ ապա հազիւ որ լսէ կամ զգայ պատերազմի մը գոյութիւնը, անմիջապէս մեծ աղաղակով կը յառաջանայ (տե’ս Յոբ 39.24-25): Որովհետեւ, իր աղօթքին ձայնն իսկ թշնամիները գետին կը ձգէ: Այսպիսով, ան Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ կը պատերազմի ու կը յաղթէ եւ մեծ համարձակութեամբ յաղթանակի պսակներ կը ստանայ: Եւ այդպէս ալ իր խաղաղութիւնն ու հանգիստը կը գտնէ երկնաւոր Թագաւորին հետ, որուն կը վայելէ փառքը, կարողութիւնն ու զօրութիւնը: Ամէն: 

Կազմեց ՝ Մոսիկ Թոփուզեան